ՎԵՐԱՏՊՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
10.11.2011
Ջարդերու ժամանակ ներսը թուրքը կու լար, դուրսը` հայը
Թէ ինչ անհրաժեշտ է փոխելու` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լուծելու համար, տարբեր պատասխաններ կարելի է տալ` աշխարհակարգի փոփոխութենէն մինչեւ շահերու տարբերակում: Այս հարցին ամենապարզ բայց ընդգրկուն պատասխան տուած է թուրք իրաւապաշտպան եւ հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլու, որ Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ իրականացւող «Բացայայտենք Թուրքիան` կոտրելով կարծրատիպերը» լրագրական դասընթացքի շրջանակներուն մէջ, Երեւանի մէջ կը ներկայացնէր մարդու իրաւունքներու խնդիրները Թուրքիոյ մէջ:
Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպաններու Յանձնաժողով կազմակերպութեան համահիմնադիր Զարաքօլուն մանրամասնեց, որ քանի դեռ չէ վերացած Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման քաղաքականութիւնը յառաջ տանող յատուկ պետական յանձնաժողովը, փոփոխութիւններու մասին հնարաւոր չէ խօսիլ:
Զարաքօլուն այս ըսուածին աւելցուց, որ նոյն կերպով որեւէ արդիւնք կարելի չէ ապահովել հայ-թրքական հնարաւոր յանձնաժողովը Ցեղասպանութեան հարցի առընչութեամբ, քանի դեռ Թուրքիոյ մէջ կը գործէ Ցեղասպանութեան Անհիմն Պնդումներու Դէմ պետական յանձնաժողովը: «Երբ մերժողականութիւնը պաշտօնական գաղափարախօսութեան մէկ հատուածն է, պատմաբանները չեն կրնար այդ քննարկել. այդ հարցը նախապէս որոշուած կ'ըլլայ», պատասխանը ամբողջացուց 2008-ին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրք հեղինակելու համար ազատազրկուած Զարաքօլուն (որ այժմ դարձեալ բանտարկուած է):
Հայոց Ցեղասպանութեան գիրքերու հրատարակման համար Յակոբ Մեղապարտի յուշամետալով, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու եւ Հայ Դատի պաշպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու դատապարտման, մարդասիրական արժէքներուն հաւատարմութեան համար շնորհակալագիրով Հայաստանի Ազգային Գրադարանը պարգեւատրեց Ռակըփ Զարաքօլուն:
Իր այդ պարգեւները նուիրելով իր սպաննուած եւ բանտերուն մէջ յայտնուած գործընկերներուն` արդէն երբ երրորդ անգամ Հայաստան այցելեց Զարաքօլուն ընդգծեց, որ տակաւին շատ ընելիքներ կան Հայոց Ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ պայքարելու համար:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներէն, որոնք չեն վերաբերիր միայն հայկական կամ քրտական հարցերուն, 34 տարուայ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը ներկայացնող Զարաքօլուն տեղեկացուց, որ այն ժամանակուայ դրութեամբ աւարտին կը հասցնէր Տէր Զօրի վերաբերեալ գիրք մը, ուր փաստագրական նիւթեր կան:
«Մայրս առաջին անգամ յիշատակած է հայերու ցաւերու եւ տառապանքներու մասին, երբ դեռ մանուկ էի», Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրով զբաղելու ակունքներուն անդրադարձած է թուրք իրաւապաշտպանը ու յիշած. «Մայրս կ'ըսէր, որ այդ ջարդերուն ժամանակ ներսը մենք կու լայինք, դուրսը հայերը»: Այստեղէն ալ ինքզինք մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրած թուրք հրատարակիչը մասնակից դարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ պայքարին` զայն դիտելով որպէս մարդու իրաւունքներու ոտնահարման ամենացայտուն օրինակ Թուրքիոյ մէջ:
Թուրք իրաւապաշտպանին ներկայացմամբ Թուրքիոյ մէջ մտաւորականութեան մօտեցումը կը փոխուի Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, ուր արդէն անցեալ տարի հնարաւոր դարձաւ յիշատակել Ապրիլ 24-ը:
Այս ամէնով հանդերձ Ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբուն վրայ ըստ Զարաքօլուի, Թուրքիոյ համար թիւ մէկ արգելքը գաղափարախօսութիւնն է, ապա հոգեբանական խնդիրները, նաեւ դրամական փոխ-հատուցման հաւանական պահանջի հեռանկարը:
Վերջինին առընչութեամբ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն ելլող թուրք հրատարակիչը շեշտադրեց, որ եթէ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներուն հանդէպ տեղի ունեցած է անիրաւութիւն, ապօրինութիւն, ապա անոնց ժառանգները իրաւունք ունին հատուցում պահանջելու, իրաւունք ունին պաշտպանելու իրենց իրաւունքները:
Իսկ որ անօրինակութիւն եւ ապօրինութիւն տեղի ունեցած է, Զարաքօլուն շատոնց ընդունած է:
«Եթէ նոյնիսկ Հայաստանն ու Թուրքիան հասնին որոշ համաձայնութեան, անոնք չեն կրնար արգիլել, որ Օսմանեան կայսրութեան հպատակներու որեւէ տեղ ապրող ժառանգները Թուրքիայէն պահանջեն իրենց իրաւունքները», եզրափակեց Զարաքօլուն յայտարարելով, թէ իր երազանքն է, որ Թուրքիան լուծէ «խիղճի այս խնդիրը» եւ ընդունի իր մեղքը:
Աղաւնի Յարութիւնեան
«Զարթօնք», Լիբանան

Комментариев нет:
Отправить комментарий